2016-08-09 08:05:00

Գերապայծառ Զենարի ''Սուրիոյ պատերազմը` քաղաքական գործիչներու շահերու պատերազմ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Մարիօ Զենարի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, մեկնաբանելով անցեալ կիրակի` 7 օգոստոսին, Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ տագնապի մասին ուղղած կոչը,  հաստատեց թէ Սրբազան Քահանայապետը խստիւ դատապարտած է պատերազմը ըսելով թէ ''անընդունելի է որ բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ բազմաթիւ մանուկներ, վճարեն  հակամարտութեան սուղ գինը''։

Գերապայծառ Զենարի այդ խօսքերէն մեկնելով մատնանշած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խօսքերուն թէ ''պատերազմը եւս ունի իր օրէնքները'' եւ թէ հակամարտող կողմերը եւս յարգելու են մարդկային միջազգային օրէնքները, սկսեալ քաղաքացիներու պաշտպանութենէն։ Այս մէկը սակայն, ըսած է գերապայծառ Զենարի, հինգ ու կէս տարուայ պատերազմի ընթացքին, մեծ ձախողութիւն է, եթէ նկատի առնենք թէ ինչպէս ամէն օր հիւանդանոցներ, դպրոցներ, գաղթականներու ճամբարներ, եկեղեցիներ եւ մզկիթները թիրախ են ռմբակոծումներու­, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիներ թիրախ են ''անօթութեան'' ու ''ծարաւի'' զէնքին։Աւելի քան 600 հազար անձ կ՛ապրին պաշարուած շրջաններու մէջ, մինչ այլ հինգ միլիոն մարդ կ՛ապրի դժուար հասանելի վայրերուն մէջ, ըսած է գերապայծառ Զենարի մատնանշելով յատկապէս Հալէպ քաղաքին ուր ամիսներէ ի վեր ջուրի պակաս կայ։ ''Պատերազմի թիրախ զոհերուն մէջ կան բազմաթիւ մանուկներ. Մէկ տարի առաջ կատարուած վիճակագրութեան համաձայն, Սուրիական պատերազմի զոհ գացած են 14 հազար մանուկներ եւ երախաներ, որոնց պէտք աւելցնել նաւաբեկութիւններուն զոհերը'' ըսած է գերապայծառ Զենարի մատնանշելով թէ ինք անձամբ, Դամասկոսի մէջ, ականատես եղած է մանուկներու` որոնք դպրոց երթալու կամ դպրոցէն վերադառանլու ժամանակ,­ թիրախ դարձան ռմբակոծումներու ու վիրաւորուեցան ռումբերու բեկորներէն'' ։ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը ակնարկեց նաեւ  մանուկ զինուորներու տխուր երեւոյթին ինչպէս նաեւ 2 միլիոնէ աւելի դպրոց չյաճախող երախաներուն։

Գերապայծառ Զենարի շեշտեց  թէ Սուրիոյ պատերազմը` շրջանային ու միջազգային քաղաքական գործիչներու շահերու պատերազմ է, որուն գինը կը վճարեն անմեղներ եւ թէ հարկաւոր է որ այս ուղղութեամբ հզօրները որդեգրեն աւելի զօրեղ կամք ու քայլեր, կասեցնելու համար այս արհաւիրքը։

Խօսելով ապա Քրիստոնեաներու  իրավիճակի մասին գերապայծառ Զենարի հաստատեց թէ Քրիստոնեաները որոշ շրջաններու մէջ աւելի կը տառապին քան ուրիշ շրջաններ եւ թէ անոնցմէ շատերը արդեն դիմած են գաղթականութեան, փախչելու համար պատերազմէն ու այդպէս կոչուած Իսլամական ահաբեկիչ պետութեան վայրագութիւններէն։

Զրոյցի աւարտին` Գերապայծառ Զենարի  ակնարկելով միշտ Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին հաստատեց թէ Նորին Սրբութիւնը  հաւատացեալները հրաւիրեց օգտագործելու իրենց միակ զէնքը` եւ այդ զէնքը ամէնէն առաջ աղօթքն է ու մենք կը հաւատանք այդ զէնքին, ըսաւ գերապայծառ Զենարի  ակնարկելով նաեւ զօրակցութեան որ պէտք է ըլլայ, գործօն ու շօշափելի ու այնպէս ընէ որ այս պատերազմը չմոռցուի ու անոր հետ մոռացումի չենթարկուին մեր տառապող  եղբայրներն ու քոյրերը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.